Արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր գործել սկսած է Յուշամատեան կայքէջը, որուն նպատակն է հետազօտութիւններու ճամբով վերականգնել ու պահպանել Օսմանեան կայսրութեան հայերուն յիշողութիւնը, առօրեայ կեանքը եւ ընկերային միջավայրը։ Կայքէջին տէրն ու տնօրինողը Յուշամատեան միութիւնն է, որ հիմնուած ու պաշտօնապէս գրանցուած է Պերլինի մէջ՝ 2010 թուականին։ Այս կայքէջի գաղափարը յղացաւ եւ կեանքի կոչեց պատմագէտ, նախկին Պէյրութահայ, Պերլինաբնակ Վահէ Թաշճեանը։
Յուշամատեանի հետազօտութիւնները կ՝ընդգրկեն Օսմանեան կայսրութեան հայերու պատմութեան բոլոր մարզերը, ինչպէս ընկերային պատմութիւն, առօրեայ կեանքի պատմութիւն, տեղական մանրապատմութիւն, բարբառներ, երաժշտութիւն, գրականութիւն, նիւթական մշակոյթ, եւայլն։ Այս իմաստով ալ այս աշխատանքներուն համար յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն օսմանեան հայերուն վերաբերող մշակութային արժէք ունեցող իրերու հաւաքումն ու պահպանումը, ինչպէս օրինակ պատմական նշանակութեամբ երաժշտական ձայնագրութիւններ, հին լուսանկարներ, գեղանկարներ, հին ֆիլմեր, քարտէսներ, եւայլն։ Մեր աշխատանքներուն համար նոյնպէս կարեւոր են օսմանեան հայերու պատմութեան վերաբերող վաւերաթուղթերը, ինչպէս օրինակ հրատարակուած գիրքեր, պարբերաթերթեր, արխիւային նիւթեր. կամ՝ անհատական հաւաքածոներու մաս կազմող թուղթեր, ինչպէս թղթակցութիւն, անտիպ նօթեր, պաշտօնական վաւերաթուղթեր, ինքնակենսագրական տուեալներ, եւայլն։
Նոյնպէս կը ձգտինք հաւաքել բանաւոր պատմութեան վերաբերող նիւթեր, ինչպէս լսողական կամ լսա-տեսողական հարցազրոյցներ։ Համոզուած ենք որ օսմանեան հայերու յիշողութիւնը վերականգնելու այսպիսի ընդարձակ աշխատանքի մը համար համացանցը կը հանդիսանայ ամէնէն գործնական, ազդեցիկ ու հաղորդական միջոցը։ Աւելի՛ն, մեր նպատակն է ստեղծել համագործակցային կայքէջ մը, ուր իւրաքանչիւր այցելու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ իր նկատողութիւններով կամ իր տրամադրութեան տակ եղող նիւթերով (լուսանկարներ, գիրքեր, յուշեր, տեղեկութիւններ) այս էջերը համագործակցաբար հարստացնելու։
Յուշամատեանի ընտրած առաջին վայրը հանդիսացաւ Բալուի շրջանը՝ իր քաղաքով ու շրջակայ գիւղերով։ Կայքէջին մէջ արդէն կարելի է գտնել զանազան յօդուածներ Բալուի տեղական պատմութեան, միջ-էթնիքական յարաբերութիւններուն, աշխարհագրութեան, երկրագործական զբաղումներուն, համայնքային կառոյցին, տեղական երգերուն ու պարերուն մասին, եւայլն։
Leave a Reply