ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ
Սկիզբը զիս մշակոյթներու ձեր խճանկարին մասնիկի վերածած էիք, որպէսզի ի վիճակի ըլլայիք հանդուրժելու։ Բայց այդ գաղափարին անշարժութիւնը արագօրէն հասկնալէ ետք, զայն կճանկար (էպրու) (*) դարձուցած էիք։ Խճանկար ըլլար թէ կճանկար, բոլորդ համաձայնած էիք, որ ես «Անատոլիոյ գոյն» մըն էի։ Սակայն, ես ո՛չ ձեր էպրուն եմ, ո՛չ ձեր խճանկարը, ո՛չ ալ ձեր Անատոլիոյ գոյն մը։ Գիտեմ որ կրնամ գունաւորուիլ միայն եթէ մեռած-չքացած ըլլամ, անձայն ու անհետ կորսուած. պատմութիւնս որքան քանդէք, այնքան գունաւոր կը դառնամ ձեզի համար։
Կրկնեմ. ես ո՛չ ձեր կճանկարն եմ, ո՛չ ձեր խճանկարը, ո՛չ ալ ձեր Անատոլիոյ գոյն մը։ «Ի՞նչ ես, ուրեմն», թերեւս հարցնէք։ Ես սուրի մնացորդաց շառաւիղն եմ, պղծուած կանանց դուստրը, բազմիցս տարագրուելու ստիպուած եւ վերջին դարուն իր հազարամեայ հողէն ջնջուած ժողովուրդի մը զաւակը։ Դուստրն եմ գերեվարուած, ինքն իրմէ օտարուած, ստորադաս ժողովուրդի մը, որուն գոյութիւնն ու բնաջնջումը ժխտուած են, որուն տաճարները, դպրոցները, հիմնարկները, նոյնիսկ անդամներուն սրտերն ու մտքերը տակնուվրայ եղած են։ Զիս կը կոչեն թուրքիացի հայ անունով։